Նախագահ Սարգսեանի Շնորհաւորական Ուղերձը` Նոր Տարուան Առիթով
Նոր տարուան առիթով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հայ ժողովուրդին յղեց շնորհաւորական
ուղերձ մը, որուն մէջ նշեց, որ անցնող տարին յագեցած էր բազում նախաձեռնութիւններով եւ
իրադարձութիւններով, բայց անոնցմէ ամէնէն կարեւորը Հայաստանի տնտեսական վերելքին եւ անվտանգութեան
մակարդակի բարձրացման միտուած խոր գիտակցուած աշխատանքն էր: «Մենք աւելի սերտացուցինք
Հայաստանի տնտեսական քաղաքական եւ զինուորական համագործակցութիւնը Ռուսիոյ հետ, իսկ յառաջիկայ
տարի, վստահ եմ, պիտի դառնանք Մաքսային միութեան լիիրաւ անդամ: Հայաստան կը ստեղծէ նոր
իրականութիւն, ուր պիտի ըլլայ աւելի պաշտպանուած եւ աւելի մրցունակ», ըսաւ նախագահ Սարգսեան: Նախագահ
Սարգսեան նշեց, որ Հայաստան շարունակեց եւ հետեւողականօրէն պիտի շարունակէ բարեփոխումներու
ճամբան: «Այստեղ մեր համագործակցութիւնը Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ ոչ միայն
պիտի չթուլնայ, այլեւ պիտի խորանայ: Մեր նպատակը անփոփոխ է, եւ կ՛ուզենք, ի դէմս Հայաստանի,
տեսնել արդիական պետութիւն` ամուր հասարակական յարաբերութիւններով եւ կայացած իրաւական
համակարգով», ընդգծեց նախագահ Սարգսեան: Հանրապետութեան նախագահը նկատել տուաւ, որ
աւանդութեան համաձայն, բաժակ պիտի բարձրացնենք հայրենիքի զինուորներու համար, որոնք այս
պահուն ցրտաշունչ լեռներուն մէջ կը հսկեն սահմաններուն, կը պաշտպանեն իրենց եւ մեր լեռները,
կը պաշտպանեն իրենց եւ մեր երազները, կը պաշտպանեն յաղթանակած երկիրը եւ ազգային իղձերը: «Կը
շնորհաւորեմ նաեւ Արցախի եւ սփիւռքի մեր բոլոր հայրենակիցներուն: Առանձնայատուկ շնորհաւորանքներ
կը յղեմ սուրիահայ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, որոնք կ՛անցնին ծանր փորձութիւններու
մէջէն: Անոնց ցաւը բոլորիս ցաւն է: Այս տօնական օրը աղօթենք ու հաւատանք, որ վաղը` յառաջիկայ
2014 թուականին, անոնց կը սպասուի խաղաղութիւն եւ յաջողութիւն: Եւ անոնց երջանկութիւնը
նոնյպէս պիտի ըլլայ բոլորին», եզրափակեց նախագահ Սարգսեան: